2011-10-21 13:36:55

Գերմանիոյ Մօտ Առաքելական Դեսպան Գերապայծառ Բերիսէյի Գնահատումով` Քրիստոնեաները Պէտք Են Յանձնառումով Գործեն Եւրոպայի Միացումին` Քրիստոնէութիւնը Հիմը Կը Կազմէ Եւրոպայի Քաղաքական Արժէքներու։


Քրիստոնեաները պէտք են շարունակել յանձնառումով գործել Եւրոպայի միացման գործընթացքին, հաստատած է գերապայծառ Բերիսէ` առաքելական դեսպանը Դաշնակցային Գերմանիոյ մօտ։ Եթէ քրիստոնէութիւնը նեերկայիս ի վիճակի չէ մէկ ձայնով խօսիլ, տարբեր դաւանանքներու հետեւանքով, սակայն ան շատ ներկայ է։ Եւրոպայի քաղաքական արժէքներու մեծ մասը, որ հիմը կը կազմէ եւրոպական համաձայնութիւններու, քրիստոնէութենէն կու գան։ Վատիկանի դիւանագէտին համաձայն եթէ Եւրոպայի Տան հիմերն ու արաստաղը ամուր են, սակայն կարիգը ունի վերանորոգումին։ Ան նաեւ դիտել տուաւ որ Եւրոպական միութիւնը տէրը չէ ''եւրոպայականութեան''։ Ամէն եւրոպացին իր իւրայատուկ յատկութիւններով կարող է իր սատարը բերել։








All the contents on this site are copyrighted ©.